2016-01-14 12:00:00

Ողորմութեան Տարի. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Պատանիներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ձեռնարկներու ծիրէն ներս­, յառաջիկայ 24 ապրիլ 2016-ին,  պիտի նշուի պատանիներու (13-16 տարեկան) յոբելեանը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղած է աշխարհի բոլոր պատանիներուն հրաւիրելով զանոնք աճելու եւ ըլլալու ողորմած` Հօր նման։

Պատանիներուն ուղղած պատգամին մէջ, որ շարադրուած է Յիսուսի յայտնութեան տօնին օրը` 6 Յունուար 2016-ին, եւ լոյս տեսաւ հինգշաբթի 14 յունուար 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով Եկեղեցւոյ ապրած Ողորմութեան Սուրբ Տարուան զայն կ՛որակէ շնորհքի, խաղաղութեան, ապաշխարանքի եւ ուրախութեան ժամանակ որ  կ՛ընդգրկէ բոլորը` մեծ ու փոքրիկ,­ մօտիկ ու հեռաւոր։  ''Չկան սահմաններ ու տարածք որ կարող են արգելք հանդիսանալ Հօր ողորմութեան'' կը գրէ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ Սուրբ Դռները արդէն բացուած են Հռոմի ու Համայն Աշխարհի թեմերուն մէջ։

''Այս ժամանակը ձեզ ալ կը հրաւիրէ, սիրելի պատանիներ­... դուք որ ձեր անունները գրուած են երկնքի մէջ, ու փորագրուած Հօր սրտին մէջ, որ ողորմած սիրտ մըն է, որմէ ծագում ունի ամէն հաշտութիւն եւ քաղցրութիւն'', կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը ընդգծելով Յոբելենական տարւոյն կարեւորութիւնը ու այդ տարուայ ընթացքին Յիսուսին հրաւէրը` բոլորին անխտիր, միասնաբար տօնախմբելու եղբայրութեան տօնը։ Ասոր համար է որ փափաքեցայ ձեր հետ ապրիլ աղօթքի եւ տօնախմբութեան պահեր ու ձեզ  կը սպասեմ մեծ թիւով յառաջիկայ ապրիլին։

''Աճիլ ողորմած հօր նման'' ձեր յոբելեանին բնաբանն է ու նաեւ աղօթքը` որ կը բարձրացնենք ձեզի համար։ Դուք որ կը պատրաստուիք ըլլալ քրիստոնեաներ որոնք կարող են համարձակ ընտրանքներ կատարել եւ ամէն օր կառուցել` խաղաղութեան աշխարհ մը։

Ձեր տարիքը անհաւատալի փոփոխութիւններու տարիք մը է, որուն ընթացքին ամէն ինչ կարելի ու անկարելի կը թուի։  Ասոր համար ձեզի կը կրկնեմ ''մնացէք արմատացած հաւատքի ճանապարհի վրայ, Տիրոջ վրայ հաստատ վստահութեամբ։ Այս է ձեր ուղեւորութեան գաղտնիքը։ Ինքն է որ ձեզի քաջութիւնը կը շնորհէ հակահոսանք ընթանալու։ Անոր հետ կարող էք մեծ բաներ իրագործել։ Ձեր գրաւը դրէք բարձր իտէալներու վրայ։ Մենք քրիստոնեաներս չենք ընտրուած փոքրիկ բաներու համար, դիմեցէք միշտ դէպի անդին, մեծ իրողութիւններուն։ Ձեր կեանքը վտանգեցէք մեծ իտէալներու համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց բոլոր այն պատանիներուն որոնք կ՛ապրին պատերազմի, յետին աղքատութեան եւ լքումի մէջ ու խրախուսեց զանոնք չկորսնցնել յոյսը` որովհետեւ ''Տէրը մեծ երազ մը ունի իրականացնելիք ձեր հետ'' յարեց Քահանայապետը եւ աւելցուց ''Ձեր բարեկամները որոնք աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ունին, ձեզ կը յիշեն ու յանձնառու են որպէսզի արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը բոլորին երաշխաւորուի։  Մի հաւատք ատելութեան ու բռնութեան բառերուն, կառուցեցէք նոր բարեկամութիւններ։ Ձեր ժամանակը նուիրեցէք ու մտահոգուեցէք անոնցմով որ ձեր օգնութիւնը կը հայցեն։ Եղէք քաջ ու քալեցէք հակահոսանք, եղէք Յիսուսի բարեկամներ որ Խաղաղութեան Իշխանն է։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով բոլոր անոնց որոնք կարելիութիւն չունին Հռոմ գալու`  հրաւիրեց մասնակցիլ իրենց քաղաքներուն մէջ ապրուած պատանիներու յոբելեանին ու անցնիլ իրենց քաղաքներու աթոռանիստ եկեղեցիներու սուրբ դռներէն, ու յանձնարարեց պատրաստուիլ ոչ միայն արտաքին իրողութիւններով այլ պատրաստել նաեւ սիրտը եւ միտքը, խոստովանանքի, ապաշխարութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներով ու ''երբ Սուրբ Դուռէն անցնիք մտածեցէք թէ այդ անցքով յանձնառու կը դառնաք ձեր կեանքը սրբացնելու եւ սնուցանելու զայն Աւետարանով եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ` որոնք կեանքի Հացն ու Խօսքն են, որոնց միջոցաւ պիտի կերտէք աւելի եղբայրական ու աւելի արդար աշխարհ մը''։

Տէրը օրհնէ ձեր ամէն մէկ քայլը դէպի Սուրբ Դուռ։ Ձեզի համար կը հայցեմ Սուրբ Հոգին որպէսզի ձեզ առաջնորդէ, ձեզ լուսաւորէ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամը` որ է բոլորին Մայրը, ձեզի, ձեր ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց որ ձեզի թիկունք կը կանգնին աճելու բարութեան ու շնորհքի մէջ, ըլլայ Ողորմութեան Իսկական դուռը։








All the contents on this site are copyrighted ©.